2015-11-03 11:36:00

Հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագ նուիրուած` ննջեցեալ բոլոր կարդինալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 3 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը`Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ  գլխաւորեց հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագը նուիրուած` ննջեցեալ բոլոր կարդինալներուն։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին սկիզբը Սրբազան  Հայրը յայտնեց թէ Սուրբ Զոհը կը մատուցուի ի յիշատակ վերջին տարուայ ընթացքին ննջեցեալ կարդինալներուն համար, որոնք այս երկրին վրայ սիրեցին իրենց հարսը` Եկեղեցին ու կ՛աղօթենք անոնց համար որպէսի կարենան վայելել Աստուծոյ մեծվայելչութիւնը, սուրբերու հետ հաղորդութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց կարդինալներու ''հաւատարիմ ու բարի ծառայ'' առաքելութեան, ընդգծելով թէ կանչուած ենք միշտ նորոգելու մեր ընտրանքը` ծառայելու Եկեղեցւոյ, այնպէս ինչպէս ըրած էր Յիսուս իր աշակերտներու ոտքերը լուալով։ ''Յիսուսի պատգամաւորը որ եկած է ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու, չի կրնար ըլլալ ուրիշ բան եթէ ոչ հովիւը որ իր կեանքը կու տայ իր ոչխարներուն համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ այն որ կը ծառայէ կը նուիրէ ու այն որ իր կեանքը կը կորսնցնէ` զայն կը վերագտնէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ Աստուած շատ սիրեց աշխարհը, իսկական սիրով որ զինք մղեց իր վրայ առնելու մեր մահը, մեր փրկութեան համար։ Աստուծոյ Որդին խոնարհեցաւ ու դարձաւ ծառայ մեր առջեւ բանալու համար կեանքի դռները։ Յիսուսին մահը մեզ ազատագրեց մահուընէ։ Ով որ կը հաւատայ Որդոյն պիտի արժանանայ յաւիտենական կեանքին։ 

''Այս է Աստուծոյ վարուելակերպը­, Ան մեզ կը փրկէ ինքզինք ոչնչացնելով ու մեզի ծառայելով ու այս մէկը մեզի համար մեծ դաս մըն է'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ հեզ ու խոնարհ յաղթանակի իրողութիւնը, խաչին վրայ բարձրացած թոյլ կու տայ որ չարն ու մահը կատաղի կերպով յարձակին իր դէմ ու Ինք կը շարունակէ սիրել։ 

Մեզի համար դժուար է ընդունիլ այսպիսի իրականութիւն մը. Խորհուրդ մըն է, սակայն այս խորհուրդին գաղտնիքը կը գտնուի սիրոյ զօրութեան մէջ։ Յիսուս ոչ միայն չարը խափանեց այլ զայն վերացուց բարիի։ Ան խաչը դարձուց կեանքի կամուրջ։ Այսպէսով մենք ալ կարող ենք Իրեն հետ միասին դառնալ յաղթական եթէ ընտրենք ծառայասէր ու խոնարհ սէրը, որ կը մնայ յաղթական յաւիտեան։

''Աստուած անհունօրէն սիրեց աշխարհը։ Մենք կը միտինք սիրել այն ինչ որ կը փափաքինք եւ որուն կարօտը ունինք, մինչ Աստուած մեզ կը սիրէ անհունօրէն, այնպէս ինչպէս որ ենք։ Այս սուրբ զոհին ընթացքին եւս Ան կու գայ ծառայելու մեզի ու իր կեանքը տալու մեր փրկութեան համար ու մեզի ներշնչելու յոյս'',  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները իրենց միտքը ուղղելու ոչ թէ երկրային այլ երկնային բաներու վրայ` Աստուծոյ ու մերձաւորի սիրոյն վրայ ու բաւարարուինք Յիսուսով, Ան որուն մէջ կայ կեանք, փրկութիւն, յարութիւն եւ երջանկութիւն ու դառնանք ծառաներ` իր սրտին համաձայն եւ ոչ թէ պաշտօնեաներ, այլ զաւակներ որոնք իրենց կեանքը կու տան աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.